Հանդէս - Տօնախմբութիւն
190ամեակ Մկրտիչ Խրիմեանի
Մկրտիչ Խրիմեան, Հայ ժողովուրդին յորջորջումով ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿը յիշուեցաւ իր ծննդեան 190ամեակին վարժարանիս հայերէնի ուսուցիչներու և աշակերտներու կողմէ ձեռնադրուած շարք մը հանդիսութիւններով, որոնք տեղի ունեցան հետեւեալ թուականներուն.
- 29 Նոյեմբեր 2010 Երկուշաբթի, Կեդրոնական Վարժարանի մէջ ուղղուած վարժարանիս աշակերտութեան
- 1 Դեկտեմբեր 2010 Չորեքշաբթի, Կեդրոնական Վարժարանի մէջ ուղղուած հայկական վարժարաններու աշակերտութեան
- 4 Դեկտեմբեր 2010 Շաբաթ, Ֆէրիգիւղ Շիրինօղլու Սրահին մէջ ուղղուած հայ համայնքին
- 14 Յունուար 2011 Ուրբաթ, Գատըգիւղ Արամեան Ունճեան Սանուց Միութեան մէջ ուղղուած հայ համայնքին
- 15 Յունուար 2011 Շաբաթ, Պաքըրգիւղ Տատեան Վարժարանի Մարզասրահին մէջ ուղղուած հայ համայնքին
Ֆէրիգիւղի և Արամեանի հանդիսութիւններուն ներկայ ըլլալով Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան, խօսեցաւ օրուայ հուսկ բանքը: