Կեդրոնականը Պօղազիչիի Բեմին Վրայ


Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Կեդրոնականը Պօղազիչիի Բեմին Վրայ

Պօղազիչի Համալսարանի փատրոնի խումբին կողմէ առաջինը 1985-ին իրականացած թատերական օրերուն այս տարի բեմ կը բարձրանան նաեւ կեդրոնական Վարժարանի եւ Սանուց Միութեան թատրոնի խումբերը:

Թատերական աշխատանքները եւ զրոյցները կը շարունակուին Մայիս ամսուայ ընթացքին. այս տարի ծրագրին մէկ օրը կը տրամադրուի Կեդրոնականին: Այս առթիւ հրատարակուած գրքոյկին մէջ Կեդրոնականի մասին կը կարդանք հետեւեալ զգայացունց տողերը:

«125 ամեակի մուտքին Կեդրոնական Լիսէն եւ թատրոնը Պոլսոյ ամենահին կրթական հաստատութիւններէն եղող Կեդրոնակաը իր վայելած յարգանքը կը պարտի, ոչ միայն ակադեմական աշխատանքներուն, այլ մշակոյթի եւ արուեստի տուած կարեւորութեանը: Բազմամշակութային Թատրոնի Օրերու այս տարուան ձեռնարկներուն մէկ օրը կը տրամադրենք այս հաստատութեան թատերական աշխատութիւններուն. խոր արմատներու տէր այս դարաւոր կաղնիին եւ զանազան սերունդներէ Կեդրոնականցիներուն կը յայտնենք մեր յարգանքը»:

29 Մայիս կիրակի ցերեկէ ետք սկսող եւ մինչեւ երեկոյ տեւող յայտագրին մաս մը կազմեն Կեդրոնականի աշակերտութեան դերակատարութեամբ` Ակադհա Քրիստիի «Տասը Փոքր Սեւամորդը», թրքերէնավ, բեմադրուած` վարժարանի թուրք Գրականութեան ուսուցիչ Պէրսի Եթքինի եւ Երուանդ Օտեանի «Թաղականին Կնիկը» հայերէնով, բեմադրութեամբ Չալկըճըօղլուի կողմէ, ներշչուելով նոյնանուն ժապաւէնէն: Օրը պիտի վերջանայ, Կեդրոնականի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանի եւ թատրոնի վաստակաւոր, Կեդրոնականի նախկին սան Պօղոս Չալկըճըօղլուի, «Կեդրոնական Վարժարան ու Սանուց Միութեան մէջ Մշակութային Արուեստի Ձեռնարկներ եւ Թատրոնը» խորագրի շուրջ ասուլիսով:


29 Մայիս 2011 Կիրակի


14.00 - Տասը Փոքրիկ Սեւամորդ (թրքերէն) / Ակադհա ՔրիստիԿեդրոնական Վարժարանի Աշակերտներ


15.00 - Թաղականին Կնիկը հայերէն / Երուանդ Օտեան, Կեդրոնական Վարժարանի Աշակերտներ


16.30 - Չեխովին Զէնքը (թրքերէն) / Պօղոս Չալկըճըօղլու, Կեդրոնական Սանուց Միութիւն


17.30 - Ասուլիս. Սիլվա Գույումճեան եւ Խօղոս Չալկըճըօղլու «Կեդրոնական Վարժարանի եւ Սանուց Միաութեան Մէջ Մշակութային-Արուեստի Ձեռնարկներ և Թատրոնը»


Վայր` Պօղազիչի Համալսարան, Տեմիր Տեմիրկիլ Սրահ

  • İATG 2011
  • İATG 2011
  • İstanbul Amatör Tiyatro Günleri 2011
  • İstanbul Amatör Tiyatro Günleri 2011
1886 - 2012
Copyright © 2008 Özel Getronagan Ermeni Lisesi
web design : www.alendursun.com